Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/320

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նական մեքենայի քայքայումը եւ ճակատէն սպառնացող ահաւոր վտանգը, բայց անկարող էին դէպքերու ընթացքին առաջն առնել: Պէտք է ըսել, որ ոչ ոք կը կարծէր, թէ այդքան շուտ կարող է յեղափոխութիւն ծագիլ եւ քանի մը օրուան մէջ կլանել միապետութիւնը։

1917 Յունուարին, ես Պետերպուրգ էի: Տեսնւեցայ Պետական Դումայի անդամ Չխէիձէի հետ։ Նա խնդրեց ինձ յայտնել իր Թիֆլիսի ընկերներուն, որ դրութիւնը շատ ծանր է, որ բոլորը դժգոհ են տիրող կարգերէն, բայց որ յեղափոխութիւնը դեռ հեռու է եւ անպատրաստ։ Պէտք էր զգուշանալ ամէն տեսակ պրովոկասիոններէն. ժողովուրդը կրնար խաբէութեամբ փողոց ելնել, բայց ջարդուել ոստիկանութեան կողմէ։

Այս խօսակցութենէն ճիշդ եօթը շաբաթ ետք, Չխէիձէն դարձաւ ռուս յեղափոխական ուժերու պարագլուխը։

Վերադառնալով Թիֆլիս, ես գտայ քայքայման նոյն պատկերը:

Արտաքուստ, ամէն ինչ հանգիստ էր: Բայց ներքուստ, վարչական մեքենան կաշխատէր անկանոն։ Կովկասցիներու ամբողջ ուշադրութիւնը կլանուած էր ճակատի գործերով։ Առաջին փլանի վրայ դրուած էին զօրքի մատակարարման եւ օգնութեան խնդիրները, Պէտք էր զբաղիլ հիւանդանոցներով, գաղթականներուն օժանդակելու գործով եւ գրաւուած վայրերու վարչական մեքենայի կազմակերպումով։

Փետրուարի վերջին օրերուն մէկը, կաշխատէի իմ առանձնասենեակին մէջ, քաղաքային ինքնավարու—