Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/321

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թեան շէնքի մէջ, երբ զիս կանչեցին հեռախօսով։ Խօսողը Փոխարքայի համհարզն էր, որ կը խնդրէր ինձ անմիջապէս անցնիլ պալատ՝ կարեւոր գործի մը համար:

Սովորաբար, ես պալատ կը գնայի պաշտօնական զգեստով. ուստի, ժամանակ խնդրեցի տուն գնալու՝ հագնուելու համար։ Ինձ խնդրեցին անմիջապէս պալատ գալ այն զգեստով, որ վրաս էր։

Երբ պալատ հասայ, զիս ընդունեց Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը եւ յայտնեց, թէ Պետերպուրգի մեջ ժողովուրդը ապստամբել է իշխանութեան դէմ եւ թէ զօրքերը միացեր են ապստամբ ամբոխին: Այս մասին իրեն հեռախօսով յայտներ էին մայրաքաղաքէն: Իշխանութեան գլուխը անցեր է Պետական Դուման։

Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը խնդրեց ինձ յայտնել այս մասին Կովկասի ժողովուրդին եւ զօրքերուն։ Միաժամանակ աւելցուց, որ իր՝ Փոխարքայի համակրանքը ամբողջովին ապստամբներու կողմն է։

Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի համար, կատարուող դէպքերը տրամաբանական հետեւանքն էին անխելք քաղաքականութեան, որուն հետեւանքով, շնորհիւ Ռասպուտինի դաւերուն, իր օգնական Օրլովը եւ դիւանապետ Իստոմինը աքսորուեր էին Կովկաս:

Որպէսպի օրինաւոր ըլլար իմ մուտքը զօրանոցներու մէջ, ինձ պէտք էրուղեկցէր զօր. Վազնաձէն։ Միեւնոյն ժամանակ, Փոխարքան խնդրեց, որ պալատ հրաւիրեմ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները։

Ես անմիջապէս կատարեցի Փոխարքայի երեք խնդիրները. յայտնեցի քաղաքական կուսակցու–