Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/322

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թիւններու ներկայացուցիչներուն Փոխարքայի խնդիրքը, զօրավարի հետ պտտեցի բոլոր զօրանոցները եւ վերջապէս քաղաքային վարչութեան առջեւ, Երեւանեան հրապարակի վրայ, ժողով գումարեցի եւ խօսեցի հոն, ուր 1905ին, Ստալինը, Համօ Տէր Պետրոսեանը եւ Մեխանին յարձակած էին դրամ փոխադրող պետական կառքի վրայ եւ յափշտակած դրամը։ Ես յայտնեցի ժողովուրդին Պետերպուրգի մէջ տեղի ունեցող դէպքերու մասին։ Ըսի, որ փոխարքան համակիր է այդ չարժումներուն:

Շուտով հասան նաեւ զօրքերը եւ տիրեց ընդհանուր խանդավառութիւն։

Զօրանոցներու մէջ, խանդավառութիւնը աւելի մեծ եղաւ: Զինուորական զանգուաածը իսկոյն ընդունեց եւ հաստատեց դէռ անյայտ իրերու վիճակը։

Սոցիալ-դեմոկրատ պարագլուխներու հետ մեկնեցիք պալատ: Փոխարքան պատմեց անոնց իրերի կացութիւնը եւ հարցուց. «Կը վստահի՞ք արդէօք ինձ»։ Սոցիալ—դեմոկրատներէն ամէնէն ազդեցիկը պատասխանեց. «Այո՛»։

Երբ սոցիալ—դմոկրատները մեկնեցին, Փոխարքան ինձ յայտնեց, որ որոշած է հրաժարեցնել Թիֆլիսի ոստիկանապետը, որ չեր վայելեր ժողովուրղի համակրանքը: Խնդրեց ինձ այնպիսի թեկնածուի մը անունը տալ, որուն ժողովուրդը կը վստահէր: Առանց տատանուելու առաջարկեցի վարչութեան անդամ Աթաբեկովի թեկնածութիւնը, որ եւ հաստատուեցաւ անմիջապէս։

Նոյն փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ եւ զինուորական նահանգապետութեան շէջ։ Զինուորական