Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/323

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նահանգապետ Վոլսկին հեռացուեցաւ եւ անոր տեղ նշանակուեցաւ զօր. Բարատոովը, որ նոյնչէո համակրանք ունէր ժողովուրդի մէջ։

Անցան քանի մը օրեր։

Դէպքերը կը զարգանային արագօրէն։ Ցարը հրաժարեցաւ: Կազմուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւնը։ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը նորէն նշանակւեցաւ զօրքերու ընդհանուր հրամանատար, որ ստիպուած եղաւ թողուլ Կովկասը, իշխան Օրլովի, Իստոմինի եւ զոր. Եանուշկեւիչի հետ միասին:

Կովկասը մնայ առանց բարձր իշխանութեան։ Պալատը դատարկուեցաւ: Կովկասեան գործօն ուժերը սկսան համախմբուիլ եւ կազմակերպուիլ։ Կազմուեցաւ երեք հոգուց բաղկացած մարմին մը՝ ըստ ազգային սկզբունքի։ Որպէս հայերու ներկայացուցիչ՝ այդ մարմնի մէջ մտայ ես: Վրացիներու կողմէ նշանակուեցաւ Նոյ ժորդանիան, իսկ զօրքի կողմէ ռուս սպայ մը՝ Պոպով:

Պէտք է անկողմնակալ կերպով ըսել, որ նորաստեղծ իշխանութիւնը կը վայելէր երկրի կատարեալ վստահութիւնը։ Կամաց—կամաց ան դարձաւ քաղաքական կեդրոն մը։ Ոչ ոչ մեզմէ կը մտածէր այն ժամանակ բաժանուել Ռուսաստանէն: Կովկասը կը համարէինք Ռուսաստանի անբաժան մէկ մասը։ Յեղափոխութիւնը գրաւական մըն էր միայն, որ կովկասի ժողովուրդներու իրաւունքները պիտի հաւասարէին փաստօրէն ռուս քաղաքացիներու իրաւունքներուն։