Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/324

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Առաջին օրէն իսկ, անցանք աշխատանքի։ Պալատին մէջ գումարուեցան երկու համագումարներ, մէկը՝ Թիֆլիսի ներկայացուցիչներէն, իսկ միւսը՝ համակովկասեան չափանիշով։

Մեր նպատակն էր տեղերու վրայ կազմակերպել նոր իշխանութիւններ: Ռուս հին չինովնիկներէն կառնէինք գործերը։ Մենք կը հեռացնէինք պատասխանատու պաշտօնեաները միայն. օրինակ նահանգապետը, ժանտարմներու պետը եւ ուրիշ շատ պետեր, թողելով գործի վրայ միջին եւ մանր պաշտօնեաները, որպէսզի պետական մեքենան բոլորովին չքայքայուէր։

Զինուորական հրամանատարներուն ձեռք չտւինք։ Թողինք, որ ամէն ինչ ընթանայ իր կարգով, պայմանով որ անոնք ճանչնան նոր իշխանութիւնը: Զինուորականները, առանց տատանման, ընդունեցին իրերու նոր կացութիւնը:

Շրջաններու մէջ կազմեցինք զինուորական խորհուրդներ, ճիշդ Պետերպուրգի նման։ Գլխաւոր քաղաքներու մէջ նշանակեցինք մեր լիազօրները։ Հեռագրեցինք Ժամանակաւոր Կառավարութեան, որ կ՝ընդունինք իրենց հեղինակաւոր իշխանութիւնը: Նոյնանման հեռագիրեր եղան Կովկասի եւ միւս մասէրէն:

Երկու գլխաւոր հարցեր կը զբաղեցնէին բոլորիս միտքերը. նախ՝ կը կարծէինք, որ ազգայնապէս զարգանալու աւելի ազատ, միջոցներ ունէինք եւ ապա՝ կը մտածէինք ռազմաճակատի մասին։

Մասնաւորապէս հայերուս համար, ճակատագ—