Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/325

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րական էր վերջին խնդիրը։ Ճակատի քայքայումը խորտակումն էր մեր յոյսերու եւ մեր ազգային պահանջներու: Ճակատի քայքայումով վերջ պիտի տրւէր ռուս յաղթական բանակի յառաջխաղացման եւ սեւ օրերու նոր դուռներ պիտի բացուէին Հայ ժողովուրդի համար:

Պէտք էր ռուս զինուորի մէջ վառ պահել այն հաւատը, որ յեղափոխութիւնը իր շահերուն դէմ չէ, եւ որ ընդհակառակը՝ զինուորի կացութիւնը աւելի պիտի բարելաւուի։ Իսկապէս կը մտածէինք բարելաւել զինուորի վիճակը։ Անմիջապէս ճակատ ուղարկեցինք լիազօրներ, որոնք պիտի բացատրէին զինուորներուն իրերու դրութիւնը։ Ու պէտք է ըսել, որ լիազօրները յաջողութեամբ կատարեցին իրենց վրայ դրուած պարտականութիւնը։

Նորաստեղծ կառավարութեան եւ մասնաւորապէս հայերուս համար կար ե՛ւ ուրիշ կարեւոր հարց մը. կազմակերպել թուրքիայէն գրաւած վայրերու վարչութիւնը, համաձայն հայ ժողովուրդի բաղձանքներուն։ Չ՞է որ հին իշխանութեան ժամանակ ծուռ աչքով կը նայէին հայերու վերջնական հաստատուելուն՝ իրենց հարազատ վայրերուն մէջ։

Ռուսական Յեղափոխութիւնը նոր ու լայն հորիզոններ բացաւ մեր քաղաքական երկնակամարին վրայ: Ռուսահայութիւնը հնարաւորութիւն կը ստանար ազատ ապրելու, մտածելու եւ գործելու, իսկ թրքահայութեան համար կը սպասուէին լաւագոյն պայմաններ անոր բախտը տնօրինելու, առանց Թուրքիայի միջամտութեան:

Խանդավառութիւն կը տիրէր ամէնուրեք։ Հայ