Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/326

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պաշտօնեաները, կուսակցութիւնները, քաղաքային վարչութիւնները մէկ խնդրով էին տոգորուած միայն տեսնել ազատ պայմաններու մէջ մեր երազած եւ սիրելի հայրենիքը:

Ես ալ, որպէս Թիֆլիսի քաղաքագլուխ, որպէս Կովկասի իշխանութեան ներկայացուցիչ, որպէս Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ եւ Ազգային Բիւրոյի նախագահ, կը կարծէին որ հայկական դատը պատմութեան նոր գլուխ կը բանայ եւ որ մօտ է հայոց ազգային ազատագրման փայլուն արշալոյսը: