Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/327

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ ժէ.

ՌՈՒՍԱԱՏԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԻՈՐ

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻԻՆԸ ԵՒ ԿԱՑՈԻԹԻԻՆԸ

ԿՈՎԿԱԱԻ ՄԷՋ

1917ի Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը արձագանգ գտաւ նաեւ Կովկասի մէջ, որուն բազմազան ժողովուրդները եւ քաղաքական կուսակցութիւնները նետուեցան յեղափոխական ալիքներու մէջ, իրենց ամբողջ ուժով եւ կարողութեամբ:

Վերը յիշատակել ենք արդէն, որ զանգուածային դժգոհութիւնը ընդհանուր էր լայնածաւալ Ռուսիոյ բոլոր անկիւններու մէջ։ Ուրախ էին բոլորը. անգամ անոնք, որ այսօր մեղադրանք կուղղեն այն ժամանակուան յեղափոխականներու եւ ազատամիտներու հասցէին, թէ ժամանակը հասունացած չէր ցարական վարչաձեւը տապալելու համար, խանդավառութեամբ ընդունեցին ցարի տապալման լուրը։

Շատերը կոգեւորէր այն պարագան, որ յեղափոխութիւնը անցաւ անարիւն, առանց համազարկերու եւ անմեղ զոհերու: Ոչ ոք տառապալեց ցարի իշխանութիւնը. ան ինկաւ որովհետեւ խախուտ էին իր հիմքերը, որովհետեւ անզօր էր ոտքի կանգնելու: Քաղցած կիներու ցոյց մը բաւարար էր Պետերպուրգի փողոցներուն մէջ, որ բաժակը լեցու էր ու յորդէր:

Ուշագրաւ է այն պարագան, որ ռուսական վարչաձեւի փոփոխութիւնը կովկասեան ժողովուրդներու մէջ առաջ չբերաւ անջատողական ձգտումներ։