Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/328

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ո՛չ հայերը, ո՛չ վրացիներն ու ատրբեջանցիները ցանկութիւն յայտնեցին իրենց անկախ պետութիւնն հիմնել: Ընդհակառակը, բոլորը մէկտեղ ջանացին զարկ տալ եւ ուժեղացնել ժամանակաւոր կառավարութիւնը, որ յեղափոխութեան առաջին օրերուն կազմուեցաւ Պետերպուրգի մէջ։ Սակայն, 14 ամիս ետք, նոյն ժողովուրդները անջատուեցան Ռուսաստանեն՝ կազմելով իրենց անկախ պետական կորիզները։

Այսօր, աւելի քան 15 տարիներ են անցել այդ օրէն եւ պէտք է ըսել, որ կովկասեան ժողովուրդներու միտքը աւելի խորացած ու կեդրոնացած Է իրենց անկախութիւններու գաղափարին վրայ։ Պարզ է, որ կովկասեան ժողովուրդները յեղափոխութեան տարիներու ընթացքին էնթարկուեցան հոգեբանական լուրջ փոփոխութիւններու, շնորհիւ քաղաքական առաջնակարգ նշանակութիւն ունեցող դէպքերու, ինչպիսիք են, օրինակ, բոլշեւիկեան շարժումը Ռուսիոյ մէջ եւ Թուրքիոյ յարձակումները Կովկասի եւ մասնաւորապէս հայերու վրայ։

Երբ յեղափոխութեան լուրը Կովկաս հասաւ, մանաւանդ՝ երբ փոխարքան մեկնեցաւ Կովկասէն, սկսան բանակցութիւններ տեղական իշխանութիւն կազմելու համար։ Թիֆլիսի մէջ կազմուեցաւ առաջին մարմինը՝ Ն. Ժորդանիայի, Ալ. Խատիսեանի եւ ռուս Պոպովի գլխաւորութեամբ։ Այդ մարմնին հետագային փոխարինեց յատուկ մարմին մը (Օզակոմ), որ եկած էր Ռուսաստանէն՝ Ժամանակաւոր կառավարութեան կարգադրութեամբ:

Առաջին օրէն իսկ, չլսուեցան տրտունջներ ազ-