Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/329

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գային հակամարտութիւններու մասին։ Ամէնքը վստահ էին, որ ռուսական նոր իշխանութիւնը բաւականութիւն պիտի տայ կովկասի բոլոր ժողովուրդներուն, պիտի ստեղծուին քաղաքացիական նպաստաւոր պայմաններ եւ որ, գլխաւորն է, մենք՝ հայերս՝ պիտի կարողանանք լուծել մեր քաղաքական դատը, իսկ վրացիները պիտի ազատին թրքական յառաջխաղացման եւ վրաց հողերու գրաւման վտանգէն։

Թիֆլիսի քաղաքային վարչութեան սրահներուն մէջ, խորհրդակցութեան հրաւիրուեցան Վարչութեան ներկայացուցիչները, զինուորական իշխանութիւնը եւ քաղաքական կուսակցութիւնները, յանձինս իրենց կեդրոնական կոմիտէներու:

Ժողովը երկու կարեւոր որոշումներ տուաւ.

1) Կազմակերպել կեդրոնական վարչութիւն, եւ

2) Տեղերու վրայ առաջ բերել գործադիր կոմիտէներ, Թիֆլիսի օրինակով, այսինքն՝ Հայերու, վրացիներու, թուրքերու եւ ռուսներու մասնակցութեամբ:

Անմիջապէս հեռագիրեր ուղղուեցան կովկասի բոլոր քաղաքները, ուր եւ կազմուեցան գործադիր կոմիտէներ։ Ատկէ ետք, կեանքը շարունակեց իր բնական եւ կանոնաւոր ընթացքը։

Այսպէս շարունակուեցաւ մէկ ամիս:

Մինչ այդ Պետերպուրգի մէջ կազմուած էր ժամանակաւոր կառավարութիւն՝ գլխաւորութեամբ իշխան Լվովի, որ եւ որոշեց Կովկաս ուղարկել յատուկ մարմին մը Խարմալովի գլխաւորութեամբ՝ կառավարելու համար կովկասը։ Այդ մարմինին կանդա–