Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/33

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րեց ան իբրեւ անխոնջ աշխատող եւ հետեւողական ներկայութիւն։

Բ. Աշխարհամարտին Խատիսեան ունեցաւ դժբախտ ապրումներ։ Յամառեցաւ թիկունք կանգնիլ Եւրոպայի զանազան գազարներու մէջ վտանգուած հայութեան։ Իր աշխատանքին վարձաւորութիւնը, աւա՜ղ, եղաւ դաժան եւ ապերախտ։ Խատիսեանի ջանքերուն շնորհիւ փրկւած տարրերէն ոմանք դաւաճանեցին մարդկային տարրական առաքինութիւններուն եւ պատճառ եղան անոր բանտարկուելուն: «Այն մարդիկ, որոնց կեանքը նա փրկել էր բռնութեան ճիրաններից, ամարդօրէն բանտարկութեան եւ չարչարանքների մատնեցին նրան։ Արդարութիւնը յաղթանակեց, բայց բանտային տառապանքները վերջնականապէս խորտակեցին նրա արդէն իսկ տկարացած առողջութիւնը»[1]:

Խատիսեան ունեցաւ բեղուն գործունէութեամբ լեցուն կեանք մը։ Մեռաւ համեստ պայմաններու տակ՝ այնպէս ինչպէս ինք էր՝ պատմութեան ժառանգելով խոնարհ տիպարի մը յիշատակը:

5. ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՄՔԸ

Ազգային կեանքի մէջ Խատիսեան ցուցաբերեց արտակարգ եռանդ եւ մեծ աշխատասիրութիւն.

  1. Նոյն, էջ 359-540: