Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/330

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մակցէին վրացի Չխենկելին, հայ Պապաջանեանը եւ ատրբեջանցի Ջապարովը, բոլորն ալ ռուսական Խորհրդարանի անդամներ։

Կովկասցիները այս իշխանութիւնը ընդունեցին առանց ընդդիմութեան։ Ես ողջունեցի անոնց գալուստը եւ կայարանէն առաջնորդեցի զիրենք պալատ, ուր կը սպասէր ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը։

Նոր եկող մարմինի իրաւասութիւնները ժամանակաւոր էին — «մինչեւ Սահմանադիր Ժողով» — եւ այս հանգամանքն էր, որ կովկասցիները հաշտեցուց շարք մը ժամանակաւոր կարգադրութիւններու հետ։

Բոլորն ալ կը սպասէին, որ Սահմանադիր ժիողովը պիտի գար իր վերջին խօսքը ըսելու, վճռելու կարեւոր բոլոր խնդիրները, որ տարիներ շարունակ զբաղեցուցած էին Ռուսաստանի ժողովուրդներու միտքը, ինչպէս, օրինակ, վարչաձեւի հարցը՝ միապետութի՞ւն, թէ հանրապետութիւն, հողային հարցը եւ վերջապէս ազգութիւններու հարցը:

Հետագայի դէպքերը լաւ ըմբռնելու համար պէտք է շեշտուել, որ Ժամանակաւոր կառավարութիւնը իր իշխանութեամբ չուզեց լուծել այս խնդիրները, այլ յետաձգեց զանոնք։

Առիթ եմ ունեցել երկարօրէն խօսելու վրաց այն գործիչներուն հետ, որոնց վիճակուած էր առաջնակարգ դեր կատարել Կովկասի եւ Ռուսաստանի դէպքերու մէջ։ Բոլորն ալ միաբերան կ՝ըսէին, որ Սահմանադիր ժողովի գումարումը պէտք է յետաձգել քանի մը ամիս, որպէսզի ռուս ժողովուրդը կարողանայ վերջնականապէս կտրել իր կապէրը միապետութեան