Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/331

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հետ եւ մոռնալ իր դարաւոր Նշանաբանը՝ «Ցարի եւ հաւատքի համար»։ Նոյնը կը մտածէին եւ ռուս ազատամիտ գործիչները:

Այլ կերպ կը մտածէին միայն բոլշեւիկները: Անոնք կը պահանջէին անմիջապէս ժողովուրդէն տալ այն՝ ինչի որ ան կը ձգտէր, այսինքն՝ հող եւ խաղաղութիւն։ Բոլշեւիկները չէր հետաքրքրեր պատերազմի այս կամ այն վախճանը. անոնց միակ մտահոգութիւնն էր միջազգային պատերազմը վերածել դասակարգային կռուի։ Անոնց հոգը չէր, թէ Ռուսիան անասելի զոհեր էր տուած արտաքին ճակատներու վրայ։ Անոնց համար արտաքին սահմանները անկարեւոր էին։ Անոնց պէտք էր քաղաքացիական նոր եւ աւելի զարհուրելի պատերազմ մը։

Մենք՝ Հայերս՝ ուրիշ ձգտումներ ունէինք։ Ռուսիոյ պարտութիւնը Թուրքիոյ յաղթանակն էր մեզ համար, ապա եւ մեր դատի ձախող վախճանը։ Այդպէս ալ եղաւ:

Պէտք էր պատրաստուիլ Սահմանադիր ժողովի ընտրութիւններուն։ Քաղաքական կուսակցութիւնները ամբողջովին կլանուած էին այդ աշխատանքներով։ Հայերու միտքը զգաղած էր եւ մէկ ուրիշ հին ու ցաւոտ հարցով այն է՝ Կովկասի մէջ ստեղծել միատարր հայրենիք, վարչական նոր սահմանագծումներ կատարել։

Սահմանադիր Ժողովը պէտք է բացուէր 1918 Յունուարին, այսինքն՝ յեղափոխութենէն 10 ամիա ետք:

Ընտրութիւնները անցան սպասածին պէս։ Վրացիները իրենց ձայները տուին սոցիալ—դեմոկ–