Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/332

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րատներուն (մենշեւիկ), հայերը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, իսկ թուրքերը Մուսաւաթ կուսակցութեան։ Ռուսական կուսակցութիւններէն ամէնէն յաղթականը եղաւ Սոցիալիստ–Յեղափոխական կուսակցութիւնը: Ամբողջ Կովկասի մէջ Սոցիալ—դեմոկրատները ստացան 661,934 ձայն, Մուսաւաթը ստացաւ 613,816, իսկ Դաշնակցութիւնը՝ 558,400։ Սոցիալիստ-Յեղափոխականները ստացան 117,522 ձայն։

Ի նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր 60,000 ձայն կու տար մէկ պատգամաւոր, վրացիները կարողացան ուղարկել Սահմանադիր ժողով 11 պատգամաւորներ, թուրքերը՝ 10, Հայերը՝ 9 եւ Սոցիալիստ Յեղափոխականները՝ 2։

Բայց Սահմանադիր ժողովը հազիւ բացուած՝ բոլշեւիկներու կողմէ ցրուեցաւ: Մինչ այդ՝ անոնք գրաւած էին իշխանութիւնը եւ ուժով ցրուեցին բոլոր պատգամաւորները: Մեռաւ նաեւ այն յոյսը, թէ կարելի էր Սահմանադիր ժողովի միջոցով կարգադրել մեր ազգային խնդիրները։ Այսպիսով, անլուծելի մնացին նաեւ հողային ու ազգային կարեւոր խնդիրները։

Հոկտեմբեր 25ին էր, որ տեղի ունեցած էր բոլշեւիկեան յեղաշրջումը եւ ժամանակաւոր Կառավարութիւնը ինկած եօթնամսեայ կեանքէ մը յետոյ։

Մանրամասն կանգ պիտի չառնեմ այն դէպքերու վրայ, որոնց նկարագրութիւնը տուած եմ «Հայրենիք»ի էջերուն մէջ, ուրիշ գրուածքով մը, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու Զարգացումը» վերտառութիւնը կը կրէ։ Մանաւանդ որ,