Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/333

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սոյն յուշերուս այս գլուխը վերջաբանն է այն դէպքերու նկարագրութեան, որմէ յետոյ կը սկսի Հայաստանը Հանրապետութեան ծագման պատմութիւնը:

Պէտք է ըսեմ միայն, որ 1917ի եւ 1918ի սկիզբներուն էր, որ Հայ ժողովուրդի, ինչպէս եւ վրացիներու մէջ տեղի ունեցան հոգեբանական մեծ փոփոխութիւններ։ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Հայ քաղաքական միտքի հաւատարիմ եւ իրական պաշտպանը՝ իր դրօշակի վրայ գրեց Հայաստանի անկախութեան գաղափարը։ Նոյնը ըրին ե՛ւ վրաց սոցիալ—դեմոկրատները, որ երեսուն տարիներ անընդհատ ոչ միայն հակառակ էին Վրաստանի անկախութեան, այլեւ պարզ ինքնավարութեան՝ ծաղրելով միշտ անկախութեան գաղափարը։

Ի՞նչ էր պատճառը։ Հոգեբանութեան այդպիսի փոփոխութիւնը հետեւանք չէ՞ր արդեօք քաղաքական գահավէժ դէպքերու։ Մէկ պատասխան կայ միայն այդ հարցին։ Կովկասեան ժողովուրդները չէին որ զատուեցան Ռուսաստանէն, այլ Ռուսաստանն էր որ զատուեցաւ Կովկասէն: Ռուսիան թողեց Կովկասը. այն Ռուսիան, որու գլուխր արդէն կանգնած էին բոլշեւիկները: Կովկասը փաստօրէն կտրւեցաւ հիւսիսէն։

Միւս կողմէն, տաճիկները եւս կը ցանկանային Կովկասի անկախութիւնը, որ կը ստեղծէր պատնէշ մը իրենց եւ Ռուսիոյ միջեւ: Անգլիան նոյնպէս կուզէր Կովկասի բաժանումը՝ Ռուսիան թուլացնելու նպատակով։

Ահա այս արտաքին պատճառներն էին, որ առաջ բերին Վրաստանի եւ Հայաստանի անկախութիւն-