Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/334

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ները: Բայց երբ անգամ մը այդ երկու ժողովուրդները ունեցան իրենց անկախ պետութիւձնը, իրենց հոգիներու կայծը սկսաւ բորբոքիլ եւ ամենայն ջերմեռանդութեամբ անոնք կառչեցան իրենց ազատագրման գործին:

Երբ սերմ կիյնայ հողի այնպիսի շերտի մը մէջ, որուն կը պակսին աճելու արտաքին պայմաններ՝ ջուր, օդ, ան իր մէջ կրելով հանդերձ կենսական բոլոր ուժերը, կը մնայ քնած վիճակի մէջ՝ առանց ծաղկելու եւ աճելու հնարաւորութեան։ Բայց երբ արտաքին պայմանները փոխուին, ան պիտի ծաղկի, աճի եւ ոչ ոք պիտի կարենայ խանգարել անոր հետագայ զարգացումը։

Այդպէս էր ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումը։ Արտաքին պայմանները կեանքի կոչեցին հայ ժողովուրդի կենսունակ բոլոր ուժերը, որ դարեր շարունակ ապրելու պայքարի էին ելած։

Իմ այս յուշերուս մէջ, որ 13 տարիներու շրջան մը կընդգրկէ, ես առիթ ունեցայ կանգ առնելու մեր ազգային զարթօնքի տարբեր արտայայտութիւններու վրայ՝ սահմաններու ազգային բաժանում, կամաւորական շարժում, Ազգային Խորհուրդ, Ազգային Բիւրօ եւ մասնակցութիւն մեծ պատերազմին։ Այս բոլոր արտայայտութիւններու վերջաբանն էր Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը, որ կատարուեցաւ արտաքին ազդակներու շնորհիւ։

Կը մատնանշեմ այս բոլորը անոր համար, որ