Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/335

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փարատեմ անգիտակից մարդոց այն կարծիքը, թէ Հայաստանի անկախութիւնը ստեղծեցին տաճիկները եւ ռուսները։ Հայ ժողովուրդի անկախութեան գաղափարը դարեր ի վեր ապրած է ժողովուրդի հոգիին մէջ եւ առաջին իսկ պատեհ առիթին՝ ժայթքել է դուրա եւ կազմել ազատ պետութիւն։

Անկախութեան հետ մէկտեղ ծագած են ի հարկէ եւ երկու կարեւոր հարցեր՝ հողամասերու եւ մեր իրաւունքներու հարցը։ Եւ այս երեք հարցերը մէկտեղ պատճառ եղած են, որ արիւն հոսի, որ արցունքներ ցամաքին։

Ողբերգական է ազատագրութեան գործը բոլոր ժողովուրդներու համար, բոլոր ժամանակներու մէջ:

Վրացիները մեզմէ քիչ մը աւելի բախտաւոր եղան ոչ թէ անոր համար, որ անոնք աւելի հեռատես եւ խելօք էին, քան մենք՝ Հայերս, այլ պարզ անոր համար, որ արտաքին պայմանները աւելի նպաստաւոր կերպով դասաւորուած էին անոնց համար։ Նախ՝ Վրաստանը բաժնուած չէր մասերու. ամբողջութեամբ Ռուսիոյ մէջ էր եւ թուրքին հետ վիճելի եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներ չունէր։ Իր ամբողջ ազգաբնակութիւնը հաւաքուած էր իր երկրին մէջ, մէկ տեղ։ Ան ունէր ծով եւ նաւահանգիստներ։ Ռուսիան հսկայական հարստութիւն էր թողուցած Վրաստանի քաղաքներուն մէջ։ Իր եւ Կովկասի մուսուլմաններու միջեւ չկային վիճելի խնդիրներ։ Եւ, վերջապէս, Վրաստանը միայն 120 տարի առաջ էր, որ կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը եւ այդ ժամանակամիջոցը բաւարար չէր, որ ժողովուրդի բոլոր խաւերու մէջ մեռցնէր անկախու–