Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/336

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թեան գաղափարը։ Վրաստանը չտուժեց նաեւ արտաքին ճակատներու վրայ։ Ժամանակ եւ լայն հնարաւորութիւն ունեցաւ զբաղելու իր ներքին կեանքով։

Ատրբեջանցիներու վրայ կարիք չկայ կանգ առնելու: Անոնց անկախութիւնը արդիւնք չէր ժողովրդական լայն զանգուածներու ցանկութեան: Իրերու բերումով եւ տաճիկ սպաներու դրդումով՝ անոնք դարձան անկախ, չմոռնալով անշուշտ ամէն ջանք գործ դնել խեղդելու համար հայոց անկախ զգացումներն ու արտայայտութիւնները։

1917 թիւը դարձուց պատմութեան էջը եւ ստեղծեց նոր դարագլուխ մը՝ աղիտաբեր հայերուս համար: Ռուսական բանակը սկսաւ պարտուիլ: Խորտակուեցան ե՛ւ մեր յոյսերը, զորս կապած էինք այդ բանակի յաղթութիւններու հետ։ Տաճկաստանը նորէն տէր դրաձաւ հայկական վիլայէթներուն: Կովկասը լեցուեցաւ Հայ գաղթականներով: Մահ, սով, համաճարակ, իշխեցին քաղցած ամբոխներու վրայ։ Ուրիշ ժողովուրդ մը պիտի կարծէր, որ իր վերջին օրերը կապրի։ Բայց Հայ ժողովուրդը ճակատը դէմ տուաւ ե՛ւ այս արհաւիրքին, միշտ լաւ օրերու եւ լաւ ապագայի հաւատը գուրգուրելով իր մէջ։

Կը վերջացնեմ յուշերուս այս գլուխը ճիշդ այնտեղ, ուր կը սկսի «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն ու Զարգացումը»։

1918էն սկսած, Կովկասի պատմութիւնը դարձաւ երեք անկախ ժողովուրդներու պատմութիւն։ Կովկասի քաղաքական գործիչները դարձան առան–