Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/337

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ձին—առանձին պետութիւններու գործիչներ՝ ըստ իրենց ազգութեան եւ ծննդավայրի։

Ես թողուցի Թիֆլիսը. կապեց իմ բախտը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ. դարձայ Ալեքսանդրապոլի քաղաքագլուխ, ապա՝ Հայասաանի Հանրապետութեան վարչապետ:

Անցած են 18 տարիներ. մարդկային կեանքի համար երկար ժամանակաշրջան մը, իսկ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու պատմութեան տեսակէտէն՝ վայրկեան մը գուցէ։ Բայց մենք մարդ ենք, կապրինք դեռ երէկուան մեր պատմութեան գործող անձինքս ու ցաւով պիտի արձանագրենք, որ 15 տարիներու ընթացքում դեռ չիրականացան մարդկային ամենատարրական պահանջները՝ ազատութիւն, խօսք, մամուլ. չազատագրուեցան մեր արեւմտահայ վիլայէթները. տնտեսական կեանքը չբարւոքեցաւ ու մեր յարաբերութիւնները հարեւաններու հետ մնացին թշնամական։

Ի՞նչ ընել: Սպասե՞լ...։

Այո՛, սպասել աւելի լաւ օրերու, մեր յոյսերը կապել Հայ ժողովուրդի ամուր կամքի եւ դէպի իր ազատագրութիւնը ունեցած խոր հաւատքին հետ։