Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/34

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յատկապէս հայ կամաւորական խումբերու կազմաւորման ատեն։ Անկէ ետք եւ մինչեւ իր մահը. գրեթէ ամէն տեղ բացայայտ դարձաւ անոր ամբողջական նուիրումը։ Պէտք է նշել սակայն, թէ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ ալ Խատիսեան պայքարեցաւ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր։

Կուզենք անմիջապէս հաստատել. որ Խատիսեան իր քաղաքապետի հանգամանքով կատարեց ազգային պարտականութիւն եւ ծառայութիւն։ Իր պաշտօնը երրեք չծառայեցուց անհատական նեղ հաշիւներու եւ քմահաճ ցանկութիւններու: Ընդհակառակն, Խատիսեան ծառայեց իր հարազատ ազգին՝ քաղաքապետի պաշտօնին ընդմիջէն։ Ահա թէ ինչու մեծապէս յարգուեցաւ եւ սիրուեցաւ ժողովուրդին կողմէ։

Խատիսեան ո՜չ միայն օգտակար եղած է հայ յեղափոխականներուն. այլեւ չէ զլացած իր օժանդակութիւնը տալու ռուս եւ վրացի յեղափոխականներու. փախստականներու եւ անիրաւուածներու: Այս առնչութեամբ. Խատիսեան յաջողեցաւ հաւասարակշռուած զուգահեռ մը գծել քաղաքական եւ ազգային գործունէութեանց միջեւ:

Կամաւորական խումբերու Կարգադրիչ Մարմինին մէջ Խատիսեան ստանձնած էր եռեակ պարտականութիւն ընդհանուր քարտուղարութիւն. գործավարութիւն եւ Ազգային Բիւրոյի Կարգադրիչ Մարմինի ներկայացուցչութիւն:

1914ին, Խատիսեանի նախաձեռնութեամբ Կովկասի 44 քաղաքները միացան՝ հիմնելու հա–