Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/35

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մար Կովկասեան Քաղաքներու Միութիւնը։ Ինք հնարուեցաւ անոր նախագահն ու լիազօրը։ Նորակազմ Միութիւնը տէր էր նիւթական լայն կարելիութիւններու: Միութիւնը շինել տուաւ 32 հազար անկողիններով նոր հիւանդանոցներ։ Կովկասեան Միութեան 19 հագար պաշտօնեաներու երկու-երրորդը հայ էր։ Միութեան գործիչներուն մաս կը կազմէին, ի շարս այլոց. Համօ Օհանջանեան, Յ. Քաջազնունի, տոքթ. Ա. Բաբալեան, Խ. Կարնիկեան, Ռ. Տէր Մինասեան, բոլորն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ նախարարներ[1]։

Իբրեւ լիազօր նախագահը կովկասեան Քաղաքներու Միութեան, Խատիսեան իր կարելին գործ դրաւ որպէսզի հայ դժբախտ գաղթականներու խնամատարութիւնը առաւելագոյն չափով կատարուի:

Ա. Աշխարհամարտին, ռուսական բանակներու անկանոն տեղափոխութիւններու հետեւանքով անպատսպար կը մնան աղէտահար հայ գաղթականներ, որոնց շտապ օգնութեան եւ խնամատարութեան մէջ Խատիսեան կունենայ ուշագրաւ դերակատարութիւն:

Հայ կամաւորական գունդեր ու կազմութիւնը որոշ չափով խեղաթիւրուեցաւ ռուս պետական շրջանակներու մօտ։ Այս վերջիններուն մէջ Խա–

  1. Գ. Լազեան, «Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն», անդ., էջ 307: