Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/353

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ձեռնարկեց պետական հարուածի Սուլթան Համիտին դէմ եւ ստիպեց, որ այս վերջինը գործադրէ 1876ի Սահմանադրութիւնը եւ գահընկէց ըլլայ (Ապրիլ 1909)։ 1909ին, զինուորական ներկայացուցիչ՝ Պեբլինի մօտ։ 1911–12ին, մասնակցեցաւ թուրք–իտալական պատերազմին։ Նաեւ՝ Պալքանեան 2րդ պատերազմին։ 1914ին, պատերազմական նախարար։ Ռմբակոծել տուաւ Օտեսա եւ Սեբաստապոլ նաւահանգիստները։ Իբրեւ հրամանատար, պարտուեցաւ կովկասեան ճակատին վրայ։ 1917ի յեղափոխութեան օրերուն, պահանջեց կովկասեան թուրք պետութեան մը կազմութիւնը եւ Վոլկայի եւ Թուրքիստանի միջեւ գտնուող թուրք ժողովուրդներու ազատութիւնը։ 1918 Հոկտեմբերին, վտարուեցաւ Կ. Պոլսէն եւ անցաւ կովկաս։ Համայնավարներու օժանդակութեամբ՝ անցաւ Թուրքիստան՝ խաղաղեցնելու համար ապստամբ իսլամները։ Սակայն, միացաւ ապստամբներուն համայնավարներու դէմ։ Մեռաւ ռուսական բանակին դէմ մղուած կռիւի մը ընթացքին։ (՞)։

54 — ԹԱԼԱԱԹ ՓԱՇԱ: (Անդրինոպլ 1872 - Պերլին 16 Մարտ, 1921)։ Ծոգումով՝