Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/36

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տիսեան՝ քաղաքագէտի մը յատուկ հիմնաւորումներով՝ կը յաջողի փաստել, թէ սնանկ են նմանօրինակ բոլոր վերագրումները հայ կամաւորական գունդերու նկատմամբ։ Աւելին փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի հետ Խատիսեանի ունեցած մտերմութիւնը մեծապէս կարագացնէր Ազգային Բիւրոյի եւ ռուս իշխանութեան միջեւ հրատապ հարցերու բարւոք լուծումը։

Խատիսեան բարերար միջնորդ եղած է էջմիածնայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Փեթերսպուրկի կեդրոնական իշխանութեան միջեւ։ Իր կապերուն եւ ծանօթութիւններուն շնորհիւ, խելացի միջամտութիւններ կատարած է՝ պահելու եւ զօրացնելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այս ծիրին մէջ, պէտք է ըսել, թէ Իզմիրլեան կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, երկու թեկնածուներ մեծ հաւանականութիւն ունէին ընտրուելու։ Առաջինը Պոլսոյ պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանն էր, իսկ երկրորդը Գէորգ եպս. Սուրէնեան։ Փեթերսպուրկի կեդրոնական իշխանութիւնր կը ձգձգէր այս ընտրութիւնը։ Խատիսեանի միջնորդութեան շնորհիւ, ընտրութիւնը տեղի կունենայ։ Խատիսեան պաշտպանեց թեկնածութիւնը Սուրէնեանի, որ կաթողիկոս ընտրուեցաւ դաշնակցականներու շնորհիւ։

Խատիսեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը տեսնէր հայ ժողովուրդի անկախութեան հիմնաքարը։ Պետական մարդու իրատեսութեամբ՝ ամէնուրեք տարածեց անկախութեան