Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/368

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թիֆլիսի Աղջկանց Հիմնարկէն։ Ինքնաշխատութեամբ կամբողջացնէ կրթութիւնը։ Ծնողքը վրացախօս էր. հայերէն չէին գիտեր։ 40 տարեկանին կայցելէ Վենետիկի Մխիթարեաններու վանքը, ուր Հայր Ղեւոնդ Ալիշան կը յանդիմանէ զինք՝ հաերէն չգիտնալուն համար։ Այս յանդիմանութիւնը պատճառ կըլլայ, որ հայերէն սորվի։ Կը սկսի հայերէն գրել։ Իր երկերէն են՝ «Հեղինէ», «Նոր ճանապարհի վրայ, Փեսայ որոնողներ», »Դժբախստ կին» եւ այլն։ Իսկ «Լուսիկ անունով վէպը կը մնայ անտիպ։ Հիմնադիր՝ Հայուհեաց Բարեգործական ընկերութեան, որուն նանագահուհին էր տարիներ շարունակ։ Կոտորածներու ժամանակ կարեւոր մասնակցութիւն կը բերէ տաճկահայութեան օգնութեան համար կատարւած հանգանակութեան մէջ։ Տասը հազար ռուբլի կը կտակէ վերոյիշեալ ընկերութեան, որու քարտուղարն էր Աղեքսանդր Քիջմէյեան։ Մտերիմ էր Գրիգոր Արծրունիին. որմէ շատ ազդեցութիւն կրած է։

101 — ՂԱՐՂԱՆԵԱՆ։ Գ. Զօրավար՝ կամաւորական շարժման մէջ (1915)։

102 — ՂՈՒԿԱՍԵԱՆՆԵՐ (եղբայրք)։ Թիֆլիսի