Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/37

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գաղափարը: Այլ խօսքով. Խատիսեան ժողովրդականացուց անկախութեան գաղափարը, որովհետեւ քաջ գիտէր, թէ հայութեան փրկութիւնն ու Հայաստանի բարգաւաճումը կհրաշխաւորուին միայն անկախութեանբ: Խատիսեանի հեղինակած «Հայասաանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» յուշագրական հատորին մէջ կան հարուստ վկայութիւներ, որոնք կը հաստատեն անոր ունեցած անկախութեան խոր հաւատքը։

Հայաստանի անկախութեան հոչակումէն ետք, 30 Մայիս 1918ին, Թուրքիա Պաթումի մէջ բանակցութեան նստաւ նորաստեղծ հանրապետութեան հետ։ Վեհիպ փաշան գծած էր Հայաստանի քարտէզը, զոր ներկայացուց հայկական պատուիրակութեան։ Խատիսեան հետեւեալ յուզումը՝ այդ կը նկարագրէ իր զգացումներն ու յուզումը՝ այդ բանակցութեանց ատեն. «Երբ մենք նայեցանք քարտէսին վրայ (...) երկու սուր զգացումներ համակեցին մեզ. առաջին՝ հպարտութիւն, որ մենք ալ դարաւոր պայքարներէն ետք, վերջապէս, գէթ փոքր անկիւն մը ունեցանք աշխարհի քարտէսին վրայ, եւ երկրորդ՝ դառնութեան, որ մեզի տրուած այդ անկիւնը հազիւ 9000 քառ. քլմ. կը պարունակէր, որ բացարձակապէս անբաւարար էր մեր ժողովուրդը իր մէջ առնելու համար։

«Իր կեանքը, յետոյ անցաւ այս երկու զգացումներով տոգորուն, – հպարտութեան զգացումով, որ Հայութիւնը պետութիւն ունէր. դառնութեան զգա–