Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/38

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցումով, որ անիրաւութիւնը կը մնար դեռ»[1]։

Իր ազգային գործունէութեամբ կոգեկոչէր տարագիր հայ ժոդովուրդի զաւակները եւ անոնց ապաւէն հայ քաջարի բանակի սխրագործութիւնները՝ Սարդարապատի, Բաղ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական կռիւներու ընթացքին։

Խատիսեանի մատուցած ազգային ծառայութիւնները անգնահատելի են եւ յատկապէս դաստիարակիչ՝ իրենց այժմէական ուժականութեան բովանդակութեամբ: Իր տիպարը ներշնչարան մըն է հայ ժոդովուրդի հպարտութեան։

6. ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ

Ալ. Խատիսեանի երէց եղբայրը, Կոստանդին. Հայ Յեղափոխակսւնների Դաղնակցութեան հիմնադիրներուն մէջ կը գրաւէ կարեւոր տեղ՝ շնորհիւ իր նախաձեռնութեան ոգիին, կազմակերպական ընդունակութեան եւ հայրենասիրութեան: Հակառակ ասոր, Կոստանդին երկար չմնաց նորաստեդծ կուսակցութեան շարքերը եւ քաշուեցաւ ասպարէգէն։ Կոստանդին իր գործունէութեան գլխաւոր ասպարէզը դարձուց Բագուի մշակութային միութիւնը[2]։

  1. «Մեծ կորուստի մը առջեւ» (խմբ.), «Յուսաբեր», ԼԱ. Տարի 7 Ապրիլ 1945։
  2. Գ. Լազեան, «Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն». անդ. էջ 303։