Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/39

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ալ. Խատիսեան իր եղբօր հակառակ ընթացք ունեցաւ։ 1905ին դիմեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան բարքերը, սակայն Ռոստոմի, Հ. Օհանջանեանի եւ այլ պատասխանատու ընկերներու թելադրանքին անսալով՝ չանդամագրուեցաւ: Քաղաքապետի հանգամանքը արգելք կըլլար իր փափաքին իրականացման մանաւանդ որ, հայութեան պայմաններն ու պահանջները այդպէս կը ստիպէին։ Խատիսեան «նախընարեց (...) մնալ կեանքի անձուկ պայմաններում, որովհետեւ սիրում էր իր ժողովուրդը, նրա տառապանքն ու նուիրական դատը»[1]: Տասներկու տարի ետք, 1917ին, երբ Խատիսեան Թիֆլիսի քաղաքապետ չէր այլեւս, համայն Կովկասի դաշնակցական բացառիկ համագումարի ատեն, Խատիսեան վերստին դիմում կատարեց Դաշնակցութեան եւ անդամագրուեցաւ:

Մեծ եղաւ Խատիսեանի դերակտտարութիւնը կովկասահայութեան բարօր զարգացման եւ Դաշնակցութեան դատավարութեան մէջ։ 1900ական թուականներուն. Ռուսաստանի ցարական կառավարաթիւնը հալածանքի եւ հետապնդումի քաղաքականութիւն մը կը վարէր յեղափոխականներու հանդէպ կուսակցութիւններու գործունէութիւնը ունէր բացարձակ գաղտնի եւ ընդյատակեայ բնոյթ։ Հետեւաբթար, կուսակցութիւններու անդամակցիլն ալ խիստ պայմաններու ենթակայ էր:

  1. Վ. Նաւասարդեան, «Ալեքսանդր Խատիսեան», «Յուսաբեր», ԼԱ. Տարի, 7 Ապրիլ, 1945: