Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/4

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈԻԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Ալ. Խատիսեանի «Քաղաքապետի մը յիշատակները» խորագրեալ յուշագրութիւնը, որ հրատարակուած է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ. կնդգրկէ հեղինակի կեանքին ու գործունէութեան շուրջ քսան տարիները — քսաներորդ դարու սկիզբէն մինչեւ Հայաստանի անկախութիւնը։ Ասիկա հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ, ծանրակշիռ ու վտանգաւոր ժամանակաշրջաններէն մէկն է անտարակոյս։

Խատիսեան կը հաստատէ, որ յուշագրութիւնը կը վերջանայ ճիշդ այնտեղ, ուր կը սկսի իր «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» աշխատասիրութիւնը, որ դարձեալ լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ: Կարելի է ըսել. հետեւաբար թէ «Քաղաքապետի մը յիշատակները»ը առաջին հատորն է Խատիսեանի յուշադրութեան. որուն երկրորդ մասն է «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացու —