Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/40

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ցարակսան Ռուսաստանը որոշած էր լուծարքի ենթարկել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։ Այս կապակցութեամբ, ցարական գաղտնի ոստիկանութիւնը, ծանօթ Օխրանա անունով. մշակած էր կեղծ փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ. որպէսզի ձերբակալէ դաշնակցական գործիչները: 160 «մեղաւոր» դաշնակցականներ յանձնուեցան դաշնակցութեան դատավարութեան, որուն գլխաւոր քննիչ նշանակուած էր տխրահռչակ Լիժինը։ Ալ. Խատիսեան պարտականութիւն կունենայ պաշտպանելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան որդեգրած օրուան քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած էր Օսմանեան բռնակալութեան դէմ։ Դաշնակցութեան յեղափոխական գործունէութիւնը չէր միտեր խանգարել ցարական Ռուսիոյ ներքին անդորրութիւնը կամ հարուածել անոր շահերը։

Դատավարութիւնը տեւեց երկակ: Խատիսեան երկուքուկէս ժամ հարցաքննուելէ ետք՝ կը յաջողի իրեն վերապահուած առաքելութեան մէջ։ Դատավարութիւնը կը բացայայտի քննիչ Լիժինի նենգամիտ եւ խաբեբայ գործունէութիւնը։

Ալ. Խատիսեանի մուտքը դաշնակցութեան մէջ այնքան ալ լաւ ընդունելութիւն չգտաւ կուսակցական զանազան շրջանակներու կողմէ։ Ընկերներէն ոմանք նոյնիսկ չքաշուեցան իրենց դժգոհութիւնն ու վերաոահութիւնը յայտնելու: Ասոր գլխաւոր պատճառը այն էր, որ Խատիսեան Թիֆլիսի քաղաքապետ ընտրուած էր առաւելաբար հայ քաղքենիութեան քուէներուն շնորհիւ. երբ ինք տակաւին անծանօթ կը մնար հայ աշխատաւորու—