Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թեան։ Պարգուած երեւոյթը, անյարիր էր դաշնակցութեան բարքերուն եւ աւանդութիւններուն։ Ասիկա ընդունելի յանցանք էր։ «(...) Խօսքը 1945 թուականի մասին չէ, երբ բառերը իրենց արժէքը կորցրած են արդէն, այլ 1917ի Կովկասի մէջ: [...] Հակառակորդների մէջ էր նաեւ, տողերիս հեղինակը, որ Խատիսեանի մէջ գտնում էր օգտապաշտ հանրային գործիչը, բայց անյարմար դաշնակցականը»[1]:

Խատիսեան տոկաց խստապահանջ քննութեան։ Փափաքեցաւ իր թեկնածութիւնը դնել համառուսական Սահմանադիր ժողովին՝ իբրեւ Շիրակի հայութեան պատգամաւոր: Դաշնակցութիւնը չընդառաջեց անոր փափաքին։ Խատիսեանը դժգոհութեան կամ բողոքի ոչ մէկ արտայայտութիւն ցոյց տուաւ։ Կարգապահութեամբ անսաց դաշնակցութեան կամքին եւ շարունակեց իրեն վստահուած գործը: Քաղաքապետ Խատիսեան դաշնակցութեան մէջ միաձուլուեցաւ անոր աւանդութիւններուն եւ ընկերական մթնոլորտին։ Գերակայութեան բարդոյթ չունեցաւ երբեք:

Լազեան կը վկայէ, թէ Խատիսեան Փարիզի կուսակցութեան աշխատանքներուն ընթացքին շարունակեց մնալ իբրեւ ազնիւ, անձնուէր եւ համեստ նկարագրով մարդ մը։ Դաշնակցութեան մէջ ան չունեցաւ դիրք գրաւելու մարմաջ։ ագգային եւ շրջանային իմաստով՝ արդէն իսկ հասած էր բարձր դիրքի։ Խատիսեան դաշնակցական եղաւ՝

  1. Վ. Նավասարդեան, նոյն: