Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

աւելի ծառայելու եւ աւելի իր նպաստը բերելու Հայաստանի եւ հայութեան:

Շնորհիւ իր առարկայական դատողութեան եւ քաղաքական փորձառութեան, Խատիսեան յաջողեցաւ հաւասարակշռութիւն մը. գծել պետկան եւ կուսակցական հրամայական անհրաժեշտութիւններու միջեւ։ Ինքզինք արժեւորեց մանաւանդ անով, որ թէ իբրեւ պետական անձնաւորութիւն եւ թէ իբրեւ պատասխանատու անհատ՛ մնաց սկզբունքի տէր անհատականութիւն մը։ Ներդաշնակութիւնն ու մերումը հասցուց իրենց լրումին։ Մէկ կողմէ՝ ապահովեց պետական շահերը առանց վնաս հասցնելու կուսակցութեան պահանջներուն. իսկ միւս կողմէ՝ գործադրեց կուսակցութեան հրահանգները՝ առանց շահագործելու պետութեան տարրական կարելիութիւնները:

Ահա այս իրողութեան մէջ պէտք է տեսնել հայ եւ օտար պետական եւ ժոդովրդային խաւերու մէջ իր վայելած վարկին գաղտնիքը։