Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/43

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Ալ. Խատիսեան հետեւած է ժամանակագրական ոճին։ Իր յուշագրութեան մեծ համեմատութիւնը նուիրուած է Անդրկովկասին, անոր ընկերային, տնտեսական կառոյցին, կովկասեան երեք ժողովուրդներու փոխ-յարաբերութիւններուն. Ռուսիոյ ցարական քաղաքականութեան՝ Անդրկովկասի մէջ, Թիֆլլիսի եւ Փեթերսպուրկի միջեւ տեղի ունեցած կապերուն։

Հեղինակը՝ Ալ. Խատիսեան, ի յայտ կը բերէ օրուան դէպքերն ու հոգեբանութիւնները դիտելու եւ վերլուծելու իւրայատուկ մօտեցում մը։ «Քաղաքապետի մը յիշատակները» դէպքերու պարզ թուումէ աւելի քաղաքապետի կողմէ օրուան հարցերը քննարկումով ներկայացուած դէպքեր եւ դէմքեր են։ Այս վերջինները անպայմանօրէն չեն սահմանսւփակուիր հեղինակին սեփական կեանքով: Ժամանցի համար եղած գրութենէ անդին կանցնին իր յիշատակները, թէեւ ինք զանոնք կանուանէ պատմութիւն (պատմուածքի առումով, շատ հաւանաբար)։

Երր Ալ. Խատիսեան մուտք կը գործէ քաղաքական ասպարէզ, Անդրկովկասը կը բոլորէր քաղաքականօրէն շատ հասունցած եւ գարգացած ժամանակաշրջան մը։ 19050ի ռուս-ճափոնական պատերազմէն մինչեւ 1917ի Պոլշեւիկեան յեղա–