Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շրջումը, Անդրկովկասի երեք ժողովուրդները կապրէին ազգային գիտակցութեան շեշտաւորեալ զարթոնք եւ թիրախ կը դառնան ցարական «բաժնէ, որ տիրես»ի քաղաքականութեան, որուն բացայայտ ապացոյցն են հայ-թաթարական կռիւները:

Իրերու հոլովոյթի թափը շատ արագ կընթանայ։ Երեք ժողովուրդներէն իւրաքանչիւրը կը տուայտի ինքնավարութեան եւ քողարկուող անկախութեան ձգտումներուն միչեւ։ Ալ. Խատիսեանի տուած ծանօթութիւններն ու վիճակագրական տուեալները եւ մանաւանդ անհանդուրժող հոգեբանութեան տուն տուող պատճառ-պատրւակ յարակցութեան մատնանշումները բաւարար չափով առարկայական են. երբ նկատի ունենանք, որ գիտականօրէն կը փորձէ նկարագրել կամ ներկայացնել ազգամիջեան ատելութիւնները, այլամերժութիւնը եւ բախումները։

Ուրեմն, Ալ. Խատիսեան իր յիշատակները գրի առնելով՝ կը ջանայ ժամանակագրական յաջողականութեամբ փոխանցել պատմական կշիռք եւ նշանակութիւն ունեցող «շահեկան անցուդարձերը» ինչպէս ինք պիտի ըսէր։

Ալ. Խատիսեան Թիֆլիս քաղաքի ազգաբնակչութեան մասին խօսելով՝ կըսէ, թէ հայերը կը կազմէին գիւղացիութեան, քաղքենիութեան, արհեստաւորութեան եւ մտաւորականութեան չորս դասակարգերը։ Մինչ վրացիները՝ գիւղացիութեան, կալուածատիրութեան եւ մտաւորականութեան դասակարգերը։ Հայերու մէջ ամէնէն ազգե–