Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/45

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցիկ եւ հմայք ունեցող կուսակցութիւնը եղած է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իսկ վրացիներու մէջ՝ Սոցիալ-Դեմոկրաաները, որոնք հետագային բաժնւեցան Մենշեւիկ (փոքրամասնական) եւ Պոլշեւիկ (մեծամասնական) թեւերու։ 1917ի յեղաշրջումէն ետք վերջինը դարձաւ բանուորական մենատիրութեան միահեծան իշխանութիւնը։

Սոցիալ–դեմոկրատները կը պայքարէին քաղքենի դասակարգին դէմ՝ եւ որովհետեւ Թիֆլիսի քաղքենիութեան մեծագոյն մասը կը բաղկանար հայերէ, ուստի դասակարգային պայքարը անխոհեմաբար եւ տհասօրէն կը շփոթուի ազգային պայքարին հետ, որմէ հաւասարապէս կը տուժեն հայերն ու վրացիները։

Հայ-թրքական ընդհարումները, որոնք կը տեւեն երկու տարի, ունէին կարգ մը ներքին դրդապատճառներ. վրացիները իրենց չէզոքութեամբ եւ լռութեամբ զօրակից են թաթարներուն, իսկ ռուս իշխանութիւնը ուղղակիորէն կը քաջալերէ թաթարներու նախայարձակ ախորժակները։

Հ. Յ. Դաշնակցութեան դատավարութիւնը Ալ. Խատիսեան կը բացատրէ Ռուսիոյ օրուան քաղաքականութեան հետապնդած նպատակներու լոյսին տակ։ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը կը գրգռէ հայերու թրքատեաց տրամադրութիւնը՝ ռուս-օսմանեան պատերազմներու (1877, 1914-17) ընթացքին, իսկ կը հալածէր հայերը՝ խաղաղ օրերուն։ Այս ձեւով ցարական իշխանութիւնը կը փորձէր ճզմել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը: