Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/46

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկով հայերու ռուսասիրութիւնը կը բացատրէ անով, որ «ան [հայ ժողովուրդը] կը սիրէ երեք բան դպրոց, եկեղեցի եւ դրամ։ Այսպիսի մէկ ժողովուրդ չի կարող յեղափոխական լինել, մանաւանդ որ երկրի աշխարհագրական գիրքը նպաստաւոր չէ այդ տեսակէտէն։ [...] Ես կը սիրեմ Հայ ժողովուրդը, որպէս այդպիսին։ [...] Կը նայիմ Հայերու վրայ որպէս ռուս ազդեցութիւնը տարածող լաւագոյն տարրի մը, եւ ասոր մէջ է որ պէտք է փնտռել Հայերու ռուսասիրութեան աղբիւրը»[1]:

Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարար Բուլիգին կը կազմէ իր անուամբ հանրայայտ յանձնախումբ մը՝ ծանօթանալու համար ժողովրդային պահանջներուն եւ ձգտումներուն: Այս յանձնախումբի կազմութիւնը կը կանխէր Պետական Դումայի, այսինքն՝ ռուսական խորհրդարանի կազմութիւնը։ Վերջինը ծնունդ կառնէ 17 Հոկտեմբեր 1905ին, երբ ցարը հրովարտակով մը կը շնորհէ Սահմանադրութիւնը։

1906ին. տեղի կունենայ առաջին ընդհանուր ռուսահայկական համագումարը կովկասահայ կեանքի մէջ աննախընթաց երեւոյթ մը։ Թէեւ համագումարը թերի է իր ընտրական ձեւին մէջ. բայց ինչպէս ինք կըսէ, հայ քաղաքական մտքի հոսանքները իրենց ներկայացուցիչներով ներկայ կըլլան յիշեալ համագումարին:

Համագումարէն բխած հայկական պահանջ–

  1. Ժ. Տարի, թիւ 8(116) Յունիս 1932, էջ 126: