Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/47

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ները կը խտանան երեք հարցերու մէջ. «ա. Հայերը փաստօրէն կուզէին Հաւասարիլ ռուս քաղաքացիներուն հետ, բ. կուզէին բարելաւել գիւղացիներու վիճակը, եւ զ. ձեռք բերել Հայ մշակոյթը զարգացնելու համար տանելի պայմաններ»[1]:

Ինչպէս կը տեսնուի վերոգրեալ երեք պահանջներէն, հայ քաղաքական միտքը իը ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Թրքահայաստանի գաւառներուն վրայ եւ բնաւ յիշատակութիւն չկայ ինքնավարութեան կամ անջատման մասին։

Մինչ վրացիները շատ յստակօրէն կը դնեն իրենց պահանջները անոնք կը պահանջեն օրէնսդրական խորհրդարան եւ վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ բաժանումը ռուս եկեղեցիէն։

Ռուսիոյ հայահալած քաղաքականութեան հիմնաւորումները Ալ. Խատիսեան կը տեսնէ հայերու ուժեղ եւ լաւ կազմակերպուած, ինչպէս նաեւ խորամանկ ըլլալու յատկութիւններուն մէջ։

Կովկասի մէջ, 1905 թուականի յեղափոխութեան ընթացքին, հրապարակի վրայ են Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ վրաց սոցիալ դեմոկրատ մենշեւիկեան կազմակերպութիւնը։ Ասոնց կը հետեւի սոցիալ դեմոկրատ պոլշեւիկները, սոցիալիստ յեղափոխականները, հնչակեաններն ու ազգայնական ֆեդերալիստները։

Բաւական օգտակար մանրամասնութիւններ յիշուած են՝ յեղափոխական կուսակցութիւններու եւ անոնց ակներեւ ղեկավար դէպքերու կամ գոր–

  1. Նոյն էջ 132 բ. սիւնակ: