Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծունեայ հեղինակներու մասին։ Լայն տեղ կու տայ հետագային պոլշեւիկ իշխանութիւն հիմնած սոցիալ-դեմոկրատներու գործունէութեան մասին:

Յեղափոխական կազմակերպութիւնները կը գործեն երկու ձեւերով. առաջինը՝ արհեստակցական միութիւններու միջոցը. իսկ երկրորդը՝ դասախօսութիւնները՝ ժողովրդական համալսարանի քողին տակ։

Հայերու եւ վրացիներու ներքին բախումներու պատճառները եւ երկու դրացի ազգերու բացասական վերաբերմունքն ու անւստահութիւնը՝ մէկը միւսին. ունին օտարամուտ բնոյթ։ Օտար պետութիւններու գծած քաղաքականութեան հետեւանք բռնութիւնները եթէ վերնան. կը վերնայ նաեւ երկու ազգերոււ միջէն թշնամական յարաբերութիւնները:

Պետական Դումայի ընտրութիւններուն. Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը գործակցի սոցիալ-դեմոկրատներուն հետ եւ իր քուէն կու տայ այս վերջինի թեկնածու Չխէիձէնին։

Ռուսիոյ մէջ քաղաքային եւ գաւառային ինքնավարութիւնները կը կատարեն խորհրդարանի դեր։ Կովկասի հայկական շրջաններու ինքնավարութիւնները. յարաբերաբար միւս ոչ–հայկական ինքնավարութիւններուն. կը վայեյեն աւելի նուագ իրաւասութիւններ։

Թիֆլիսը կը նկատուի համայն Կովկասի կրթական կեդրոնը։ Գոյութիւն ունի 20 քաղաքային դպրոցներ եւ 12 գիմնազիոններ՝ 6ը աղջկանց եւ միւս 6ը մանչերու համար. ինչպէս նաեւ՝ կանանց