Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/49

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բարձրագոյն եւ մանկաբարձական դասընթացքներ:

Թիֆլիսի քաղաքային տնտեսութիւնը Մոսկւայէն յետոյ կը նկատուի առաջինը։ Այս հանգամանքին մէջ մեծ դեր ունին հայ քաղաքապետներ, ճարտարապետներ, բժիշկներ եւ քաղաքային գործիչներ:

Գիւղական շրջանները բոլորովին անտեսւած են. չկան դպրոցներ, չկայ քաղաքականութեան ոչ իսկ մէկ նշոյլ: Յեղափոխական կուսակցութիւններ մնայուն կապ հաստատած են այդ շրջաններուն հետ. հայ գիւղացին իր դաստիարակութիւնը կը ստանայ Հ. Յ. Դաշնակցութենէն, վրացին՝ սոցիալ-դեմոկրատէն, իսկ թուրքը՝ բէկերէն, աւատապետերէն եւ յատկապէս հոգեւորականներէն։

Ազգաբնակչութիւնը խառն է։ Այս դժուարութիւնը արգելք կը հանդիսանայ ինքնավարական հիմնարկներու հաստատման։ Ասիկա կը հանդիսանայ Կոկկասի ամէնէն դժուարին լուծելի հարցերէն մէկը։ Եթէ կովկասի ազգաբնակչութիւնը բաժնուի, ըստ գաւառներու, կը տեսնուի, որ 47 գաւառներէն միայն 6ին մէջ հայերը մեծամասնութիւն կը կազմեն։

Շատ հիմնական հարց է, որ կը դրուի Ալ. Խատիսեանի կողմէ։ ժողովուրդներու խառնարանը առիթ կու տար ազգամիջեան լարուածութիւններու, սահմանային վէճերու եւ տարակարծութիւններու. մինչեւ իսկ գինեալ բախումներու եւ կռիւներու: