Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մը» երկը։ Այս վերջինը արժանացած է երկու տպագրութեան. առաջինը Աթէնք, 1933, իսկ երկրորդը՝ Պէյրութ. 1968։

Իր անդուլ եւ յարատեւ աշխատանքներուն շնորհիւ, Խատիսեան եղաւ փորձառու դիւանագէտ-քաղաքագետ մը բան մը. որուն կարիքը այնքան կը զգացուէր մեր իրականութեան մէջ՝ մանաւանդ նկատի ունենալով Անդրկովկասի խառնակ եւ միշտ պայթուցիկ կացութիւնը:

Խատիսեանի յուշագրութիւնը կը պահէ իր այժմէականութիւնը մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ։ Անիկա մեզի կը փոխանցէ գործնապաշտ թելադրանքներ ու փորձառութիւններ, յատկապէս դիւանագիտական աշխարհին ու ղեկավարման վերաբերեալ։

Այս երկը, որ պատմագրութեան համար հում ու համով նիւթ պարփակող աշխատասիրութիւն մըն է, իբրեւ աղբիւր կը ծառայէ մեր ժոդովուրդը յուզող հարցերուն մօտէն ծանօթանալու եւ անոնց ներքին ծալքերուն թափանցելու:

«Քաղաքապետի մը յիշատակները» հատորը հարուստ է վաւերագրական — վիճակագրական տուեալներով, որոնք սերտօրէն կապուած են մեր անկախութեան եւ պետականութեան կերտումին հետ։ Յուշագրութիւնը յստակօրէն կը ներկայացնէ կովկասեան ժողովուրդներու այս դարու առաջին քառորդի հոգեվիճակները, մտայնութիւններն ու մօտեցումները, ազգամիջեան բւխումներու շարժառիթ-պատճառները, պատասխանատու դէմքերը, ընդհանուր մթնոլորտն ու