Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բագուն՝ նաւթահորերու քաղցաքը, իր մեծահարուստ ընտանիքներու շարանով Կովկասի մէջ կը գրաւէ նիւթապէս ամէնէն առաջնակարգ դիրքը։ Հաւանաբար հայկական թաղամասի մէջ համալսարանի մը հիմնադրութեան գծով, պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Ալ. Խատիսեանէն. հայազգի իշխան Թումանովէն՝ ռուսական «Նավոյէ օբոզթէնիէ» թերթի խմբագիրէն եւ վրացի գօտուանէն՝ վրացական «Վերածնունդ» թերթի խմբագիրէն «հանգանակութեան համար» կը մեկնի Բագու, ուր կը գործէր նաւթարդիւնաբերողներու վարչութիւնը։ Այս վերջինին մէջ կը գերիշխէին հայերը։

Բաթումը, Երեւանը, Քութայիսը կր մասնակցին երկու հազար ռուբլիով կամ 10 հազար ռուբլիով. ըստ իրենց կարողութեան: Բագուի քաղաքային վարչութեան անդամ Հաճի Զէյնալ Աբդուլ Թագիեւ (թաթար ծագումով) առանձինը կը նուիրէ 400.000 ռուբլի: Իսկ նաւթարդյունաբերողներու վարչութիւնը՝ 400.000 ռուբլի։

Ալ. Խատիսեանի յուշերէն քաղելով՝ համալսարանի կառուցումը կը յետաձգուի Ա. Աշխարհամարտին պատճառաւ։ Փետրուարեան Յեղափոխութենէն (1917) ետք, կը կազմուին կովկասեան հանրապետութիւնները: Թիֆլիսը կունենայ երկու համալսարան եւ մէկ արհեստից վարժարան, Բագուն՝ մէկ համալսարան, իսկ Հայաստան՝ մէկ համալսարան, Ալեքսանդրապոլի մէջ։

Ալ. Խատիսեան շահեկան տեղեկութիւններ կուտայ տաճկական մշակոյթի, ինչպէս նաեւ՝