Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ռուսական եւ թրքական տիրապետութիւններու տարբերութիւններու մասին տաճկական մշակոյթ գոյութիւն չունենալով տաճկահայ մտաւորակունութիւնը կտրուած էր թրքական կեանքէն, մինչ «Արդար լինելու համար պէտք է ըսենք, թէ ռուսակասն բարձր մշակոյթը, լեզուն, ռուս կնոջ հմայքը կը տարածէին ռուսական ազդեցութիւնը Հայ քաղքենի եւ մտաւորական դասերուն մէջ»[1]։ Այս երեւոյթին մէջ տաճկահայ մտաւորականները կը տեսնէին ապազգայնացման վտանգ։ Թաթարները սերտօրէն կապուած են թրքական մշակոյթին, հակառակ անոր, որ թաթար մտաւորականութիւնը իր ուսումն ու կրթութիւնը կը ստանար ռուսական համալսարաններու մէջ։ Թաթար ժողովուրդը՝ իր զօրաւոր աւանդապահութեան եւ պահպանողականութեան հետեւանքով, կը գտնուէր խաներու եւ հոգեւորականներու ազդեցութեան տակ։

Կովկասահայ երիտասարդութիւնը կը կազմաւորուի ռուսական մեծ քաղաքներու մէջ եւ կազդուի ռուսական գաղափարներէն: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը. իր հիմնադրութեան օրերուն մանաւանդ ծրագրապէս շատ մօտ է ռուս-սոցիալիստ յեղափոխականներու կուսակցութեան։ Անկէ ետք, ճրագիրները կրեցին փոփոխութիւններ, ա–

  1. Ալ. Խատիսեան, «Քաղաքապետի մը յիշատակները», «Հայրենիք» ամսագիր, Ժ. Տարի թիւ 11(119), Սեպտեմբեր, 1932 գլուխ IX, էջ 118: