Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/52

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւելի ճիշդը բարեփոխումներ, որոնք «արդիւնք էին առարկայական պայմաններու զարգացման եւ ժողովուրդի մշակութային վերելքին»[1]: Հետզհետէ, կեանքի փորձառութեան լոյսին տակ հայ քաղաքական միտքը կը զարգանայ. կը բիւրեղանայ, սակայն շարունակ կը մնայ երկրնտրանքներու մէջ, ինչպէս հեղինակը ինք պիտի ընդգծէր։

Թիֆլիսի մէջ քով քովի ապրող երեք ժողովուրդներն ալ քաշուած են իրենց ազգային պատեանին մէջ հայր վրացական թերթ չի կարդար– վրացին՝ հայերէն թերթ։ Իսկ թաթարները կանտեսեն թէ՛ հայր եւ թէ վրացին։

Թիֆլիսի մէջ, ռուս ականաւոր քաղաքագէտ–պատմաբան Միլիւկով հայկական հարցի մասին դասախօսական երեկոյթի մը ընթացքին դիտել կու տայ. թէ Ռուսիոյ Մերձաւոր Արեւելեան քաղաքականութիւնը կը մեկնի ռուսական ընդհանուր շահերէն կամ պահանջներէն. որոնց լուսարձակին ներքեւ պէտք է տեսնել կամ զետեղել հայկական մասնակի պահանջները:

Ալ. Խատիսեան առանձնապէս կը կեդրոնանանայ հայ կամաւորական շարժման վրայ։ Կամաւորական խումբերու նախապատրաստական աշխատանքները, անոնց կազմակերպումն ու մարզումը լայն տեղ գրաւած են իր յիշատակներուն մէջ. լայնօրէն կանդրադառնայ կամաւորական շարժման ստեղծման քաղաքական եւ հոգեբանական ազդակներուն եւ պատճաներուն. ինչ-

  1. Նոյն գլուխ 8 էջ 119: