Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/54

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ալ. Խատիսեան կու տայ Արամի մտածումները քիւրտերուն մասին։ Ըստ Արամին, քիւրտերը խարդախ են եւ ապերախտ։ Իսկ ինք կընդգծէ. թէ մեր դատը արդար ըլլալով հանդերձ. ի վիճակի չենք լուծելու զայն, որովհետեւ երէկուան պէս տկար ենք:

Իր յիշատակներուն մէջ տեղ գտած են ցարի կովկաս եռօրեայ այցելութիւնը եւ իր հանդիպուեր անոր հետ։ Նոյնպէս՛ զօրավար Իւդենիչի սխրագործութիւնները ռուս–թրքական պատերազմի ընթացքին։ Այս զօրավարին կը պատկանի Թրքահայաստանը կոզակներով բնակեցնելու գաղափարը:

Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին եւ վերջը 300.000 գաղթական հայեր տեղաւորուեցան կովկասի մէջ։ Անոնք հետագային կազմեցին Հայաստանի ազգաբնակչութեան մէկ կարեւոր համեմատութիւնը:

Խառնաշփոթ եւ անորոշ կացութենէն օգտրւելով՝ Պոլշեւիկները աննկատ կերպով ստորերկրեայ աշխատանքներ կը տանին, առ ի երեւոյթ՝ անոնք հրապարակէն քաշուած են։ Սակայն, անոնք տենդագին պատրաստութիւն կը տեսնեն:

Ալ. Խատիսեան մանրամասնութիւններ կու տայ նաեւ կիսագրագէտ Ռասպուտինի տիպարի մասին։ Այս ծերունին կարեւոր դեր կունենայ Ռուսիոյ միապետութեան եւ գահին անկման մէջ։

Ալ. Խատիսեան կը բացատրէ. թէ ինչպէս ռուսական պատմութեան մէջ յեղափոխութիւնները