Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/55

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կապուած են պատերազմներու. երբ պետական յետադիմութեան թերութիւնները անակնկալօրէն կը դրսեւորուին:

Մոսկուայի մէջ 1916ին, Ալ. Խատիսեան քաղաքային եւ գաւառային գործիչներու համառուական համագումարին արտասանած նշանաւոր ճառին մէջ կը զարգացնէ հետեւեալ կէտերը.

ա. Կովկաս-Ռուսաստան բարոյապէս եւ քաղաքականապէս իրարու կապուած են։

բ. Կովկասը հաւատարիմ է ռուսական բանակին:

գ. Կովկասի բոլոր ժողովուրդները հոգեկան ամուր կապերով կապուած են ռուս բարձր մտքին եւ մշակոյթին։

Դեկտեմբեր 1916 թուին, իշխան Լվովի բնակարանին մէջ տեղի կունենայ գաղտնի ժողով մը, որուն կը մասնակցի նաեւ Ալ. Խատիսեան, այլոց կողքին։ Հաւաքին կորոշեն, որ ցարը գահընկէց ընեն եւ զինք փոխարինեն Կովկասի նոր փոխարքայ մեծ Իշխան Նիկոլայ Նիկոլաեւիչով: Ժողովականներու մտադրութեան՝ փոխարքային փոխանցումը կը վիճակուի Ալ. Խատիսեանին։ Այս վերջինը կը կատարէ իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը. փոխարքան սակայն կը մերժէ նման առաջարկ մը։

Ալ. Խատիսեան իր յիշատակներու վերջաւորութիւնը կը յատկացնէ 1916-1917 երկարող Ռուսաստանի քաղաքական իրադարձութիւններու, Պետական Դումայի գործունէութեան, Ռասպուտինի եւ Ցարուհիի յարաբերութեան, 1917ի Փե–