Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/56

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տրուարեան Յեղափոխութեան, ինչպէս նաեւ Կովկասի ժողովուրդներու ազգային զարթօնքին եւ յոյսերուն: Յոյսեր. որոնք ազգայնապէս աւելի ազատ պայմաններու ձեռնտուութիւնը կը ներշնչէին:

1917ի Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը Կովկասի երկիրները կը դնէ նոր կացութեան մը դիմաց. իւրաքանչիւր ազգ կը ջանար իր ձայնը լսելի դարձնել Սահմանադիր ժողովին մէջ։ Տեղի կունենան ընտրութիւններ։ Առօրեայ քաղաքական երեւոյթները. ժողովները. հանդիպումներն ու ճառերը ամէնուրեք խանդաւառութիւն կը ստեղծեն։ Անակնկալօրէն պոլշեւիկներու ղեկավարութեամբ կը պայթի 1817ի Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը: Ռուսաստան կանջատուի Կովկասէն. «Կովկասեա ժողովուրդները չէին, որ զատւեցան Ռուսասեանէն, այլ Ռուսաստանն էր, որ զատուեցաւ Կովկասէն: [...] Կովկասը փաստօրէն կտրուեցաւ Հիւսիսէան»[1]:

1918 թուականին թէ հայերը եւ թէ վրացիները կապրին աննախընթացօրէն հոգեբանական մեծ փոփոխութիւններ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կընդունի Հայաստանի անկախութեան հռչակումը։ Նոյնը՝ վրաց սոցիալ-դեմոկրատները, որոնք հակառակ էին Վրաստանի ան-

  1. Ալ. Խատիսեան, «Քաղաքապետի մը յիշատակները» «Հայրենիք», ամսագիր գլուխ XVII, ԺԱ Տարի, թիւ 501250, Մարտ 1933, էջ 145: