Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/59

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շուտուվ մեկնեցի Ախալքալաքի գաւառը՝ պայքարելու բծաւոր տիֆի դէմ եւ առաջն առնելու այն բոլոր չարիքներուն, որոնք հետեւանք Էին սոսկալի երկրաշարժին։ Այնտեղ մնացի մէկ տարի:

Չորս տարի ետք, Քաղաքային Վարչութեան անդամ էի։ 1907ին, ընտրուեցի քաղաքագլխի փոխանորդ. իսկ 1910էն մինչեւ 1917. համարեա տասը տարի շարունակ, վարեցի Թիֆլիսի քաղաքագլուխի պաշտօնը, որուն շնորհիւ մօտէն ծանօթացայ Կովկասի վարչական եւ քաղաքական բովանդակ կեանքին։

Կովկասի փոխարքայի հետ ունեցած իմ պաշտօնական եւ անձնական մտերմութիւնը առիթ կու տար ինձ տեսնելու եւ լսելու այնպիսի բաներ, որոնք ծածկուած էին շատ ականջներու եւ աչքերու համար։

Այս յիշատակներուս նպատակն է պատմել այն շահեկան անցուդարձները, զորս տեսած եմ այդ շրջանին եւ որոնց երբեմն ալ մասնակից եմ եղած։

Պատմութիւնս պիտի ընեմ տարեգրական կարգով: