Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/6

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական իրերու դրութիւնն ու հոսանքներու փոխադարձ յարաբերութիւնները։ Ասոր առընթեր, յուշագրութիւնը կը ծառայէ աւելի մօտէն ծանօթանալ Խատիսեանի անհատականութեան, մտածելակերպին. աշխատելու եղանակին ու գործունէութեան:

Քսաներորդ դարու առաջին քսանամեակի չափանիշով, Խատիսեան կը նկատուէր Օրուան Մարդը։ Մեր մէջ դիւանագէտի եւ քաղաքագէտի բացառիկ դէմքերէն մէկն է. որ խորապէս ազդած եւ իր ինքնատիպ դրոշմը դրած է այդ ժամանակներու դէպքերու ընթացքին վրայ։ Անցեալի ուսումնասիրութեան մեր աշխատանքին մէջ, շատ կարեւոր է գիտնալ Սէյմի եւ Թուրքիոյ հետ առնչւող բախտորոշ խորհրդաժողովներու պատուիրակութեանց մաս կազմած ներկայացուցիչներու անհատական տեսակէտներն ու գաղափարները. որովհետեւ մասնակցողի հանգամանքը (կամ ականատեսի առաւելութիւնը) կը լուսաբանէ եւ կը յստակացնէ բազմաթիւ մութ ու շփոթ մնացած հարցեր. ինչ որ կարելի պիտի չըլլայ գտնել վաւերաթուղթերու, դաշնագրերու կամ ատենագրութեանց մէջ։

Ահա այս նկատառումներով կը հրատարակենք Ալ. Խատիսեանի «Քաղաքապետի մը յիշատակները»ը, որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով — կը կարծենք — պիտի գինէ ու գօտեպնդէ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ հայ ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը մասնաւորաբար՝ մեր գերագոյն նպատակներու իրագործման ճամբուն վրայ: