Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/63

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նութիւն՝ թուրքերը իրենք իսկ Բագուի մէջ ի վիճակի չէին վարելու զուտ թրքական քաղաքականութիւն։

Ամէնքը գիտեն, թէ որքան կարեւորութիւն ունի քաղաքագլուխի պաշտօնը եւ որովհետեւ ո՛չ հայերը ե՛ւ ոչ ալ թուրքերը իրենց ձայներով չէին կարող իրենց քաղաքագլուխն ունենալ, Բագուի քաղաքագլուխները կընտրուէին ռուսներ, հիւսիսէն եկած մարդիկ եւ Բագուին միանգամայն օտար (օրինակ՝ քաղաքագլուխ Իրեցկին, Ռաեւսկին, Բիքը, Նովիկովը եւ ուրիշներ):

Իրերու այսպիսի կացութեան համար, թուրքերը կը մեղադրէին ռուս կառավարութիւնը եւ քրիստոնեաներն ընդհանրապէս: Գանձակի մէջ նոյնպես զգալի էր հայ—թաթարական պայքարը. այնտեղ հայերն ու թուրքերը կողք կողքի կապրէին երկու տարբեր թաղամասերու մէջ։

Հայ—թրքական յարաբերութիւններու բարդացումը եւ հայ—վրացական անհամաձայնութիւնները Կովկասի մէջ բնականաբար ստեղծեցին վրաց—թաթարական ճակատ՝ ընդդէմ հայերու:

Կովկասի շէջ հայերու տնտեսական վերելքը չէր սահմանափակուեր միայն առեւտուրով եւ գործարանային արտադրութեամբ: Հայկական դրամագլուխը մուտք կը գործէր նաեւ գիւղատնտեսութեան մէջ եւ իրեն կենթարկէր զանազան ճիգեր, ինչպէս՝ բամոակագործութիւն, գինեգործութիւն եւայլն։

Այս ռաջողութիւնները, ի հարկէ, պէտք է վերագրել հայ ժողովրդի մշակոյթին, անոր աշխատասիրութեան եւ տոկունութեան: Մանթաշեանները, Միլովները, Աֆրիկեանները, Օգանեզովները, Արամեան-