Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/64

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ները, Սէյլանեանները, Չիլինգարեանները յայտնի էին ամբողջ Կովկասին: Անոնք գրաված էին Թիֆլիսի լաւագոյն տուները՝ իրենց գործերը տարածելով ամբողջ Կովկասի մէջ։ Բնիկ Հայաստանցիներ՝ անոնք կը լքԷին հայրենի քաղաքները, ինչպէս Ալեքսանդրապոլ, Կարս, Ագուլիս, Արեւան եւ կու գային հաստատուելու՝ մշակոյթով բարձր եւ կլիմայով առողջ Թիֆլիսի մէջ:

Այս հանգամանքը շատերուն կարծել կու տար, որ Թիֆլիսը ոչ թէ Վրաստանի մայրաքաղաքն է, այլ Կովկասի. այսինքն քաղաք մը, որ հաւասարապէս կը պատկանի բոլոր Կովկասցիներուն։ Այս բանը չէին հանդուրժեր վրացիները, որոնք կը պնդէին, որ Թիֆլիսը իրենց պատմական մայրաքաղաքն է եւ միւս եկուորները զանազան անկիւններէն եկեր ու հարուստի իրաւունքով խլեր են իրենց հողերն ու կալուածքները:

Վրացիները իրենց գիրքերուն եւ թերթերուն մէջ միշտ կը գրէին, որ Հայերը կարող են օգտուիլ Թիֆլիսի բոլոր բարիքներէն, բայց իրենք զիրենք պէտք չէ զգան որպէս այս երկրի տէրերը։ Հայերն ալ կը շարունակէին օգտուիլ իրենց իրաւունքներէն:

Ուշագրավ էր առանձնապէս վրացական մէկ թերթի (աջակողմեան) յօդուծը իմ քաղաքագլուխ ընտրուելուս առթիւ: Յօդուածի խորագիրն էր՝ «Չարիքներու փոքրագոյնը»: Ըստ յոդուածի, չարիք է ամէն մէկ ոչ—վրացի քաղաքագլուխ սակայն, պրն. Խաաիսեանը այդ չարիքներէն փոքրագոյնն է, շնորհիւ իր վերաբերմունքի դէպի վրաց ժողովուրդը։ Այսպէ կը մտածէր աջակողմեան մամուլը, իսկ