Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/65

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ձախակողմեան մամուլը ուրիշ ուղղութեամբ կը տաներ իր պայքարը:

Պէտք է ըսել, որ Թիֆլիսը, բացի իր քաղաքակրթական հանգամանքէն, ունէր մէկ ուրիշ առաւելութիւն այն, որ Կովկասի վարչական կեդրոնն էր, ուր համախմբուած էին երկրի ամենաբարձր հիմնարկութիւնները՝ փոխարքայութիւնը, զօրքերի հրամանատարութիւնը, դատական եւ ոստիկանակասն բարձր իշխանութիւնները: Քաղաքագլուխը միջնորդ էր անոնց եւ ժողովուրդի միջեւ: Ուրիշ խօսքով՝ երբ ժողովուրդը կուզէր իր բաղձանքները յայտնել իշխանութեան, ան պիտի դիմէր Քաղաքային Խորհուրդին, այսինքն Հայերու միջոցով:

Հայերը ունէին չորս դասակարգ՝ գիւղացիութիւն, քաղքենի — բուրժուական դասը, արհեստաւորներ եւ մտաւորականութիւն: Իսկ վրացիները կը բաժանուէին երեք դասակարգերու՝ գիւղացիութիւն, կալուածատիրական դաս եւ մտաւորականութիւն։ Գլխաւորապէս մտաւորականութեան ազդեցութեան տակ, գիւղացիութեան մէկ մասը եւ բանուորականութեան գլխաւոր մասը կազմեր էին Սոցիալ–Դեմոկրատ կուսակցութիւնը, որուն կանդամակցէր ժուսական այժմեան դիկտատոր Ստալինը, իր իսկական Ջուղավիլի ազգանունով։

Մինչեւ 1917, Սոցիալ—Դեմոկրատ կուսակցութիւնը մաս կը կազմէր ռուսական Սոցիալ–Դեմոկրատ կուսակցութեան, բայց մեծ յեաղափոխութենէն ետք անջատուեցաւ՝ կազմելով վրաց Սոցիալ—Դեմոկրատ կուսակցութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ